2015-09-27 09:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Կրօնական ազատութիւնը հիմնական իրաւունք է բոլորին համար''


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 26 սեպտեմբեր 2015-ին, Ֆիլատելֆիայի տեղական ժամով 16,30-ին (Հռոմի ժամով 22,30-ին)  Ֆիլատելֆիայի ''Ազգային Ազատութեան Պատմական հրապարակին վրայ, Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ ''Կրօնական ազատութեան'' նուիրուած հանդիպում` մասնակցութեամբ սպանացի եւ այլ գաղթական հասարակութիւններուն։

Սրբազան Պապը ժամանեց Ֆիլատելֆիայի Անկախութեան Համալիր, ուր ԱՄՆը ծնունդ առած է Անկախութեան Յայտարարութեան հռչակումով։ Անկախութիւնը բոլոր քաղաքացիներու, այր մարդոց եւ կիներու, զորոնք Աստուած իրարու հաւասար իրաւունքով ստեղծած է։ Անկախութիւնը, որ կառավարութիւններու վրայ պարտականութիւն կը դնէ՝ քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանել։ Անդրադառնալով այս սկզբունքներուն՝ Սրբազան Պապը կը յորդորէ խորհիլ, թէ այսօր ինչպէ՛ս  կ՛ապրինք անկախութիւնը։

Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ միշտ պէտք է հաստատել, իւրացնել եւ պաշտպանել այս արժէքները։ ԱՄՆի պատմութեան մէջ կը տեսնենք, որ յարատեւ աշխատանք տարուած է այս արժէքները ներմուծելու ընկերային եւ քաղաքական կեանքէն ներս։ Պայքար տարուած է՝ վերացնելու ստրկութիւնը, բոլորին տալ ընտրելու իրաւունքը, ջնջել ամէն տեսակի ցեղապաշտութիւն եւ նախապաշարում՝ հիմնուած մարդկային յարգանքի եւ արժանապատուութեան վրայ։ Ապագան կը հարստացնէ անցեալի յիշատակը եւ մեզի կ՛օգնէ չկրկնել նոյն սխալները։ Մեզի կը սորվեցնէ ապահովել անհատի եւ հասարակութեան իրաւունքները, ի նպաստ ամբողջ ընկերութեան բարիքին։

Կրօնական ազատութիւնը խորհրդանիշն է ամերիկայի ներկայացուցած տիպարին։ Այդ՝ հիմնական իրաւունք մըն է, որ կը ձեւաւորէ այն կերպը, որով մենք յարաբերութեան մէջ կը մտնենք մեր դրացիներուն հետ, որոնց կրօնական համոզումները տարբեր են մերիններէն։

Կրօնական ազատութիւնը, սակայն, իր բնութեամբ, չի սահմանափակուիր պաշտամունքի վայրի եւ անձերու անհատական ոլորտին կամ ընտանիքին մէջ։ Կրօնական իւրայատուկ աւանդութիւնները կը ծառայեն ընկերութեան՝ Աստուծոյ պաշտամունքի անհատական եւ համայնքային արտայայտութեամբ։ Անոնք կը բանան մեզ՝ ըմբոշխնելու մարդկային էութեան եւ մեր ազատութեան վերացական տարածքի զգայնութիւնը։

Նախորդ դարը, ուր գերակշռած էին դաժանութեան գաղափարախօսութիւններ, որոնք կ՛ուզէին ստեղծել «երկրային դրախտ» մը՝ զլանալով ժողովուրդներու իրաւունքները, մեզի դաս ըլլալու է։ Մեր կրօնական աւանդութիւնները մեզի կը հրամցնեն իմաստ մը, որ բոլոր ժամանակաշրջաններուն կը հայի. խրախուսիչ ոյժ մը, որ միշտ նոր հորիզոններ կը բանայ, մտածումը կը հրահրէ, միտքը եւ զգայնութիւնը կ՛ընդլայնէ։

Հաշտութեան եւ զգայնութեան կոչը՝ հասարակաց բարիքին համար, եւ մտահոգութիւնը՝ ընկերութեան ապագայի նկատմամբ, կը պահանջեն հոգեւոր առաքելութեան հզօր հոգի մը՝ հռչակելու մարդկային իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը։

Բռնակալութեան զանազան արդի ձեւեր կը փորձեն ճնշել կրօնական ազատութիւնը, կամ առնուազն նուազեցնել զայն, վերածելով ենթամշակոյթի մը՝ առանց հանրային մարզի վրայ որեւէ խօսք ունենալու իրաւունքի։ Անոնք կը փորձեն նաեւ օգտագործել կրօնքը իբր պատրուակ, դառնալով պատճառ ատելութեան եւ դաժանութեան։

Հարկաւոր է, որ զանազան կրօնքներու հաւատացեալները միացնեն իրենց ձայնը ի նպաստ խաղաղութեան, հանդուրժողութեան, ինչպէս եւ մարդկային արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու յարգանքին։ Կրօնքները պէտք է ցոյց տան, որ առողջ բազմաձեւութիւնը կը յարգէ ուրիշները եւ արժէքները. պէտք է ցոյց տան՝ թէ կրօնքները արժէքաւոր դաշնակիցներ են մեր վիրաւորեալ աշխարհի խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։ Իւրաքանչիւր կրօնք պէտք է փորձէ ծառայել Աստուծոյ՝ նպաստելով եղբայրական հոգիով դրոշմուած ընկերութեան մը կերտումին. պաշտպանելով մարդկային կեանքի արժանապատուութիւնը, որ Աստուածային պարգեւ մըն է՝ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ. պաշտպանելով աղքատներու դատը։

Վերջապէս, Սրբազան Պապը, ինչպէս միշտ, յիշեց ԱՄՆի սպանախօս բնակիչները, եւ շեշտեց՝ թէ անոնք կը հարստացնեն երկիրը իրենց «բազմաթիւ պարգեւներով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.